image

Հալէպ. Բարեգործականի մանկապարտէզը վերաբացած է իր դռները

Հալէպ. Բարեգործականի մանկապարտէզը վերաբացած է իր  դռները

Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանի Միքայէլ Եսայեան մանկապարտէզը, 19 սեպտեմբերին, տօնական մթնոլորտի մէջ բացած է իր դռները:

Տարեշրջանը ուրախ տրամադրութեամբ սկսելու նպատակով, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի երիտասարդները , դպրոցի տնօրինութեան հետ համագործակցութեամբ, վերամուտի օրը մանկապարտէզի աշակրտներուն ոգեւորող յայտագիր մը պատրաստած են, որ կրած է «Ժպիտ, Սէր եւ Խաղաղութիւն» խորհրդանշական վերնագիրը: