Հալէպի քաղաքային խորհուրդը համագործակցութեամբ Սուրիոյ ուսանողներու ազգային միութեան հետ, երէկ Հալէպի կեդրոնական փողոցներուն մէջ մաքրութեան մեծ աշխատանքներ սկսած է: Այս մասին կը տեղեկանանք Հալէպի քաղաքային խորհուրդի ֆէյսպուքեան էջէն:
Աշխատանքներ իրականացուած են Պապ Ալ Ֆարաճի ժամացոյցի շրջակայքը, Ազգային գրադարանի փողոցի շրջանը, ուր իրականացուած է մայթերու վերանորոգումն ու մայթեզրերը ներկելու գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ շրջանի ընդհանուր մաքրութիւնը: