Հալէպի նահանգապետարանին թելադրանքով քաղաքին մէջ կը շարունակուին պատերազմի ընթացքին այրած, հրկիզուած եւ թափոնի վերածուած ինքնաշարժներու վերացման աշխատանքները: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Հալէպի մասին լուրեր ներկայացող դիմատետրի էջեր, որ նաեւ կը յայտնեն, որ մաքրման աշխատանքներու այս փուլը արդէն երրորդն է երկրին մէջ:
Ճանապարհային ոստիկանութեան տնօրէն ճարտարապետ Մարուան Հաֆ հաստատած է, որ աշխատանքները սկսած են Ալ-համտանիա շրջանի սպասարկութեան տնօրինութեան քովէն, որոնք քանդուած մեքենաները հեռացուցած են Ռամուսէի մայրուղիէն, նշելով, որ աշխատանքները պիտի շարունակուին ներգրաւելով Հալէպ քաղաքի բոլոր շրջանները: Հաֆ աւելցուցած է, որ գործերը կը փաստագրուին ոստիկանական արձանագրութիւններով, նկարներով եւ ցուցակագրումով, ուր կը նշուին մեքենաներուն տեսակն ու թիւը: Հեռացուած մեքենաները կը տեղափոխուին քաղաքի խորհուրդի կողմէ անոնց համար յատկացուած մասնաւոր կառատուններ: