image

«Մենք ինքնուրոյն կերպով պիտի գծենք մեր սահմանները» Պարազանի կը շարունակէ իր խստաոճ ելոյթները

«Մենք ինքնուրոյն կերպով պիտի գծենք մեր սահմանները» Պարազանի կը շարունակէ իր խստաոճ ելոյթները

Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մասուտ Պարազանի յայտարարած էոր եթէ Իրաքի իշխանութիւնները չընդունին քիւրտերու անկախութեանհանրաքուէն, իրենք ինքնուրոյն կերպով պիտի գծեն անկախ Քիւրտիստանի սահմաններն ու անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ պիտի ըլլան պատերազմի, կը գրէ «Պիրկիւն» պարբերականը:


Նշենքոր իրաքցի քիւրտերը հանրաքուէի պիտի երթան այս տարուայ 25 Սեպտեմբերին: Անոնցմէ ետք նախատեսուած է խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել 6 Նոյեմբերին:

Պարազանի նշած էոր անկախութեան հանրաքուէն ուղիղ իմաստով չի նշանակեր ամբողջովին անկախ Քիւրտիստանայլ հիմնականաբար պիտի հզօրացնէ քրտական կողմի դիրքերը Պաղտատի հետ բանակցութիւններու ժամանակ:

«
Եթէ Պաղտատ չընդունի այն, մենք անձամբ պիտի գծենք մեր սահմանները, անհրաժեշտութեան պարագային քիւրտերը պատրաստ են պատերազմի», - յայտարարած է Պարազանին:

Պատասխանելով այն քննադատութիւններունթէ հանրաքուէն կրնայ խարխլել Իրաքի անվտանգութիւնըՊարազանի ըսած է. «Իրաքի մէջ անվտանգութի՞ւն կայ»:

Աւելի վաղ Պարազանի ֆրանսական «France 24» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարծ էր, որ եթէ իրաքցի քիւրտերուն անկախութեան վերաբերեալ հանրաքուէն խոչընդոտի հանդիպի, այն պիտի դառնայ նոր արիւնալի պատերազմի պատճառ: