image

Արկածի ենթարկուած ֆրանսահայ երիտասարդին վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր

Արկածի  ենթարկուած  ֆրանսահայ երիտասարդին վիճակը կը  շարունակէ մնալ  ծանր

Շաբաթ  մը առաջ ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած    Հրայր  Սարգիսեանի  վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Այս  մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ Մարսէյլի  իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին  փոխանցմամբ   ամառնային արձակուրդի համար   Հայաստան  հասած ֆրանսահայ երիտասարդը    ենթարկուած է   ինքնաշարժի  արկածի  եւ    ապա փոխադրուած հիւանդանոց,  ուր  ան կը գտնուի  բժիշկներու   հսկողութեան  տակ:

Լիբանանահայ    մայր  եւ   հայաստանցի  հայր  ունեցող Հրայրը  21 տարեկան է: Ան,  աւարտելէ ետք Մարսէյլի    Համազգայինի   ճեմարանը,   ընդունուած է  քաղաքի  արհեստից վարժարանի  խոհարարական բաժին     ու      աւարտելէ ետք իր ուսումնառութիւնը, նետուած է կեանքի  ասպարէզ:

«Արեւելք»  առողջութիւն կը մաղթէ  Հրայրին: