Այս ամառ երեւելի աճ գրանցած է Ազրպէյճանի մէջ մանկապղծութեան դէպքերու թիւը:
minval.az-ը յայտնած է, թէ Սախիլ աւանի 73-ամեայ մարդ մը ոստիկանութեան դիմելով յայտնած է, որ իրենց բակին մէջ խաղացող իր 10- ամեայ թոռնուհիին դէմ սեռական բռնութեան փորձ կատարուած է եւ ոստիկանութիւնը 1988-ի ծնունդ յանցագործը յայտնաբերելով ձերբակալած է յանձագործը:
Նշենք, որ տարբեր լրատուամիջոցներ անդրադաձած են, որ նման դէպքերու աճ գրանցուած է ամբողջ երկրին մէջ:
Հոգեբան, բժշկական գիտութիւններու թեկնածու Այան Իմանովայի խօսքով՝ մանկապիղծներու համար երեխաներ խաբելը դիւրին է, քանի որ երեխաները շուտ կը հաւատան, յատկապէս երբ չարագործները խօսին երեխայի մօր կամ հօր անունով: