image

Լիբանան. Բանակը անդրադարձաւ սպայից վարժարանի մասին բարձրացուած աղմուկին

Լիբանան.  Բանակը  անդրադարձաւ սպայից վարժարանի մասին  բարձրացուած   աղմուկին

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը  յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է       Սպայից վարժարանին մասին շրջանառուող  տեղեկութիւններուն վերաբերեալ  նշելով, որհարցը  ոչ մէկ առնչութիւն ունի բանակի կայունութեան հետ եւ միջադէպը ամբողջովին պարզելու ու մեղաւորները գտնելու համար արդար հետաքննութիւններ պիտի կատարուին:

 Ըստ «Ալ Ժատիտ»   կայանին մինչեւ այս պահը   ձերբակալուած են եօթ անձեր, որոնք կը  կարծուի, որ կապ ունին   ապօրէն ձեւով եւ դրամական  միջոցներով    օժանդակել    սպայական կոչում  տալու գործին մէջ:

 

 Թէեւ մինչեւ այս պահը  յստակ տուեալներ չեն փոխանցուիր, սակայն յստակ է, որ բանակի  հրամանատարութիւնն ալ հետամուտ է    մինչեւ  վերջ տանիլ  ընթացք առած դատական հետաքննութիւնները պատժելու  համար բոլոր յանցագործները: