image

Պէյրութի օդակայանի ուղեւորներու թիւը զգալի աճ գրանցած է

Պէյրութի  օդակայանի ուղեւորներու թիւը     զգալի աճ գրանցած է

Յուլիս ամսուան    ընթացքին  Պէյրութի օդակայանէն   օգտուող ուղեւորներուն թիւը հասած է 975 հազարի: Այսպիսի մեծ թիւ նախապէս չէ արձանագրուած: Օդակայանի տնօրէնը նշած է, որ այս թիւը առողջ երեւոյթ է եւ կը փաստէ, որ ուղեւորները  վստահած  են Լիբանանի օդակայանի անվտանգութեանը:

 

 Նշենք, որ տարբեր առիթներով եւ յատկապէս անցնող    երկու տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող  ահաբեկչական խմբաւորումներ յատուկ երիզներ պատրաստած են, ուր կը նշուի, թէ  իրենք ամէն  գնով կը պատրաստուին  ահաբեկչական   գործողութիւններ իրականացնել    Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի  միջազգային  օդակայանէն  ներս: Սակայն  այդ սպառալիքները   մնացած են  Տահէշի եւ «Ալ Նուսրա»ի մղած   «տեղեկատուական պատերազմ»ի ծիրին մէջ: