Լիբանանեան « ԱլՍահիֆէ» թերթը իր մէկ յօդուածով անդրադարձաւ Գանատյի եւ Լիբանանի միջեւ ուղիղ թռիչքի չգոյութեանը, հակառակ որ Գանատայի մէջ լիբանանեան մեծ գաղութի ներկայութեան:
Բացայայտեց, որ պատճառը 1985-ին պատահած ահաւոր դէպքն է, երբ զինեալներ առեւանգեցին Աթինայէն Պէյրութ մեկնող ամերիկեան օդանաւ մը եւ պահանջեցին ազատ արձակել իսրայէլեան բանտերու մէջ գտնուող 700 բանտարկեալներ: Այդ դէպքի ընթացքին մարդ մը սպանուեցաւ, իսկ 15 հոգի պատանդ առնուեցաւ:
Առաւել, աԱյդ շրջանին Հըզպ Ալլան Լիբանանի մէջ առեւանգեց ամերիկացի կարգ մը քաղաքացիներ:
Նշենք, որ գանատական իշխանութիւնները միշտ փափաքած են վերականգնելու ուղիղ թռիչքի հնարաւորութիւնը, բայց ամերիկեան իշխաննութիւներու ճնշումով այդ փափաքները անիրագործելի կը մնան: