image
Հրատապ լուրեր:

Պայթում Պէյրութի Տըքուէնէ շրջանին մէջ. Պատճառները անյայտ

Պայթում  Պէյրութի Տըքուէնէ  շրջանին մէջ. Պատճառները անյայտ

 «OnlyLebanon» կայքին  փոխանցմամբ     պայթում մը  լսուած է    Պէյրութի Տըքուանէ շրջանին  բնակելի  շէնքերէն մէկու նկուղային հատուածին  մէջ: 
Պայթումը եղած է    երէկ  առաւօտ շուտ, որուն հետեւանքով «Շալհուպ»   շէնքի   բնակիչները տագնապ  ապրած են:  Պայթումէն ետք  նկատուած է  հրդեհ  եւ   աւելի ուշ   ԱԻՆ-ի  հրշէջ մեքենաները  յաջողած են անմիջապէս մարել      ծագած հրդեհը:
 Հրդեհը պատճառած է   նիւթական մեծ վնասները , ինչպէս նաեւ խանութ մը   եւ պահեստանոց մը    ամբողջովին   հրկիզուած են: 
 Դէպքին պատճառները մինչեւ այս պահը կը շարունակեն մնալ անյայտ եւ   ապահովական մարմիններ հետաքննութիւն  կը կատարեն  եղածին շուրջ: