Լիբանանցի անուանի դերասանուհի Մայա Ալ Հարիրի (49 տարեկան) այսօր անձնասպանական փորձ կատարած է ու բաւական ծանր վիճակով փոխադրուած է հիւանդանոց: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ լիբանանեան Otv կայանը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ գեղեցկուհի դերասանուհին սիրային յուսախաբութիւն մը ապրելէ ետք դիմած է անձնասպանութեան:
Նշենք, Մայա Ալ Հարիրի դերասանութեան կողքին հանդէս եկած է, որպէս երգչուհի եւ որոշ շրջան մը Լիբանանցի յայտնի աստղ Մըլհամ Պարագաթի (մահացած տարի մը առաջ) կինն էր: