image

Դամասկոսի մէջ մշակութային թերթը պիտի «տպուի» շէնքի վրայ

Դամասկոսի  մէջ  մշակութային թերթը    պիտի «տպուի» շէնքի  վրայ

Յառաջիկայ  շաբաթ օր, Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մէջ, թերթը թուղթի վրայ տպելու փոխարէն՝ պիտի տպուի նշանաւոր հիւրանոցի մը կառոյցին վրայ:

Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին ՝ Դամասկոսի նշանաւոր «Սեմիրամիս» հիւրանոցը վերականգնող խումբը, կառավարական կազմակերպութիւններէն յատուկ արտօնութիւններ ստանալէ ետք, սկսած է իրագործել  արդիական  եւ իւրայատուկ    գաղափար մը:

 Նախաձեռնողները մշակութային եւ տեղեկատուական  տպագիր թերթ մը հրապարակելու փոխարէն, իրենց  «թերթ»ը պիտի «տպեն» Դամասկոսի մարդաշատ թաղամասի մէջ գտնուող «Սեմիրամիս» հիւրանոցին պատերուն վրայ: Այսպիսով այս մարդաշատ թաղամաս մտնող եւ հոնկէ դուրս եկող մարդիկ, թերթը պիտի «կարդան»…. Շէնքին  վրայ:

Այս միտքը յղացող անձնակազմը, որոշած է, որ թերթը «տպուի»  3 ամիսը  անգամը:

Այսպիսի նախադէպ դեռ չէ եղած։  Պատերազմի փլատակներէն դուրս եկած Դամասկոսը կը դառնայ առաջին քաղաքը, որ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը  կ'իրականացնէ: