image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սահակ Խաչատուրեանը. Ան հիմնադիրն էր «Գայանէ» երգչախումբին

Պէյրութի  մէջ  իր մահկանացուն կնքած է  Սահակ  Խաչատուրեանը. Ան  հիմնադիրն  էր  «Գայանէ» երգչախումբին

Պէյրութի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանցուն կնքած է  Սահակ  Խաչատուրեանը:  Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութի իր աղբիւրէն:  Մեր    աղբիւրը   նաեւ  հաղորդեց, որ   հանգուցեալը  Դամասկոսի  Թեմի   նախկին առաջնորդ Տ.  Գնէլ արք. Ճէրէճեանի հետ միասին  կը համարուի հիմնադիրը   «Գայանէ»  քառաձայն  երգչախումբին:

Հանգուցեալը, ըլլալով  սարկաւագ եւ   երաժշտութեան հմուտ մասնագէտ,      երկար տարիներ դպրապետի պաշտօն վարած է    Նոր Հաճըն Սուրբ Գէորգ, ապա  Ռըմէյլի  Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիներուն մէջ:   Աւելի ուշ       ստանձնած է Ֆանար   եւ Ռաուտա շրջաններու  մատուռներու  դպրապետի   պաշտօնը:

Սահակ  Խաչատուրենի յուղարկաւորութեան եւ թաղման  արարողութիւնը  կատարուած  է       չորեքշաբթի՝   26   յուլիսի  յետմիջօրէին`    Պուրճ Համուտի Նորաշէն  թաղամասի  Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած է  Ֆըրն Ալ Շըպաքի Ազգային գերեզմանատուն:

Այս   տխուր  առիթով «Արեւելք»     իր վշտակցութիւնները կը յայտնէ  հանգուցեալի      սիրելիներուն եւ հարազատներուն: