Իսրայէլի մէջ պաղեստինցի քրիստոնեայ մարդ մը սպաննած է իր դուստրը, որ կ’ուզէր ամուսնանալ մահմետական տղու մը հետ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ 58 տարեկան Սամի Քարրան սպաննեց երկրորդական վարժարանը նոր աւարտած իր աղջիկը Ալ Ռամլէ քաղաքին մէջ գտնուող տան մէջ:
Նշենք որ մահմետականի սիրահարուած աղջիկը պատրաստակամ էր իսլամը ընդունիլ:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու ՝ աղջկան հայրն ու մահմետական տղան արդէն իսկ յայտնուած են կալանքի տակ: