image

Հալէպի մէջ մահացաւ Արշալոյս Թադէոսեանը

Հալէպի մէջ մահացաւ Արշալոյս Թադէոսեանը

Հալէպի մէջ մահացաւ Արշալոյս Թադէոսեանը: Այս մասին «Արեւելք»ը տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Նշենք որ Արշալոյս Թադէոսեանը ծնած է Հալէպ՝ 1952-ին:

Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 18 յուլիս, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս:

Հանգուցեալին որդին՝ Նարեկ Թադէոսեանը, այս կապակցութեամբ արաբերէնով կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Այսօր կորսնցուցի կեանքիս ամենաթանկարժէք անձը, զոհողութեան եւ սիրոյ խորհրդանիշը՝  իմ սիրելի մայրս:

Կ’ուզեմ ըսել բոլոր այլ մարդոց, որոնց ծնողները ողջ են՝ միշտ գոհացուցէք ձեր ծնողքը, մի հեռանաք իրենցմէ, որովհետեւ իրենք ձեր յաջողութեան եւ ուրախութեան աղբիւրն են»: