image
Հրատապ լուրեր:

Սեւան Նշանեանին դէմ բերման ամբաստանագիր

Սեւան Նշանեանին դէմ բերման ամբաստանագիր

Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան պաշտօնապէս յայտարարուած է փախուստի մէջ գտնուող, զայն կալանաւորելու մասին որոշում կայ, կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Հուրիեթ» պարբերականը:

Նշանեան, որ 2014 թուականէն բանտ կը գտնուէր եւ  17 տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր, Յուլիս 14-ին օգտուած էր բանտէն դուրս գալու թոյլտուութենէն, սակայն ետ չէր վերադարձած բանտ:

Քանի որ լեզուաբանը 48 ժամուան ընթացքին հրաժարած էր յանձնուելէ, զայն Յուլիս 16-ի առաւօտէն յայտարարած են փախուստի մէջ գտնուող:

Նշանեանը փախուստի մասին յայտնած էր թուիթըրեան իր էջին մէջ ըսելով՝  «Թռչունը թռաւ. տարոսը մնացած ութսուն միլիոնին»:

Թրքական լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի ընթացքին պոլսահայ մտաւորական Նշանեան խոստացած էր, որ երբ ժամանակը գայ, մանրամասնօրէն պիտի պատմէ, թէ ինչպէս փախած է բանտէն: Խօսելով այն մասին, թէ ինչու նման որոշում կայացուցած է` 2014 թուականէն ազատազրկման մէջ գտնուող լեզուաբանը ըսած էր. «Մտածեցի, որ 3.5 տարին արդէն բաւական է, եկած է ժամանակը, երբ պէտք է շունչ քաշել: Սա է ամէնը: Նման պայմաններու մէջ որոշում կայացուցի Թուրքիոյ թերութիւններէն օգտուելով դուրս գալ պետութեան վերահսկողութեան տարածքէն»:

«Թուրքիայէն փախչիլը շատ հեշտ է: Ինչպէս կը տեսնէք, լաւ գումարի առկայութեան պարագային բոլորն ալ կրնան փախչիլ: Կառոյցներու մէջ եթէ գումարը տաս անվտանգութեան, շատ հանգիստ կրնաս փախչիլ»,- ըսած է ան:

Նշանեան չէ նշած, թէ ուր կը գտնուի` Թուրքիոյ մէջ, թէ ատոր տարածքէն դուրս: Ան նշած էր, որ 48 ժամ սպասելու կարիք չկայ: «Այս պահէն սկսեալ զիս կրնան ընդունիլ որպէս փախուստի մէջ գտնուող անձ»,- ըսած էր լեզուաբանը: