image
Հրատապ լուրեր:

Դեսպան Մկրտչեան այցելած է Յոյն Կաթողիկէներու Զահլէի Առաջնորդարան

Դեսպան  Մկրտչեան  այցելած է     Յոյն Կաթողիկէներու Զահլէի  Առաջնորդարան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու  երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Տարուիշ եպիսկոպոս դրուատեց Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները կարճ ժամանակի ընթացքին ամրապնդելու հոլովոյթը` բարձր գնահատելով լիբանանցի կարգ մը գործարարներու կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած ներդրումները:

Դեսպան Մկրտչեան եւ Տարուիշ եպիսկոպոս կարեւոր նկատեցին փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս առեւտրական մարզին մէջ: