image

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը պարգեւատրեց Լիբանանահայ բարերար Հրայր Տանձիկեանը

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը  պարգեւատրեց   Լիբանանահայ բարերար Հրայր Տանձիկեանը

 Լիբանանի ՀՀ  դեսապանատան մէջ տեղի ունեցած  պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին    ՀՀ  սփիւռքի նախարար  Տիկն. Հրանոյշ Յակոբեան   պարգեւատրած է լիբանանահայ      բարերեր Տիար Հրայր Տանձիկեանը:

 

 Տիկին Յակոբեան, որ հանդիսութեան  ընթացքին  կարճ  խօսք  մը արատասնելով    դրուատիքով  արտայայտուած է բարերարին մասին,  նշելով,  որ   Տիար Տանձիկեանի  մտածումներուն եւ   նախաձեռնութիւններուն  մէջ կարեւորագոյն տեղ  ունին Հայաստանն ու Արցախը:

  Հանդիսութեան ներկայ եղած  են  լիբանանահայ համայնքի  ազգային գործիչներ, ինչպէս նաեւ  Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ  եւ լիազօր դեսպան  Պրն. Սամուէլ Մկրտչեան: