image

Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն նշանակուած է Րաֆֆի Սարգիսեան

Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն նշանակուած է Րաֆֆի Սարգիսեան

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Կրթական Մարմինը կը տեղեկացնէ, որ 28 Յունիս 2017‐էն սկսեալ, Վարժարանիս Տնօրէն Տօքթ. Արմէն Մարտիրոսեան, անձնական պատճառներով հրաժարեցաւ Վարժարանի տնօրէնի իր պաշտօնէն: Ան ազնուաբար խոստացաւ իր ամբողջական գործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը ներդրել, յառաջիկայ Ամրան ամիսներուն՝ պատրաստուելու համար 2017‐18 ուսումնական տարեշրջանին, եւ մենք վստահ ենք իր անվերապահ աջակցութեան՝ փոխանցումի այս հանգրուանին:

Առիթէն օգտուելով, կ’ուզենք մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնել պրն. Արմէն
Մարտիրոսեանին, մեր վարժարանին՝ իր երկար տարիներու ծառայութեան համար, որ մեծապէս օժանդակեց վարժարանի աստիճանաւոր եւ արժանի վերելքին: Շուտով, պատշաճ կերպով եւ յատուկ ձեռնարկով պիտի ներկայացնենք մեր սէրն ու գնահատանքը իր վաստակին ու ծառայութեան համար:

Ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտարարել, որ վարժարանի նոր տնօրէնի պաշտօնին կոչեցինք, բոլորիդ ծանօթ՝ պրն. Րաֆֆի Սարգիսեանը:

Րաֆֆի Սարգիսեան շրջանաւարտ է Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանէն (1997), իր Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսին արժանացած է պատմագիտութեան (York University, 2006) եւ ապա՝ կրթութեան մէջ (Trent University, 2008) եւ Մագիստրոսի վկայականը` կրթութեան ծիրին մէջ (York University, 2012): Րաֆֆին իբրեւ վկայեալ ուսուցիչ՝ միացած է ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշխատակազմին, նախ որպէս երկրորդական կարգի ուսուցիչ եւ աշակերտական խորհրդատու (2008‐2011) եւ ապա՝ որպէս փոխտնօրէն (2011‐2017): Ան 2016ին արժանացած է Օնթարիօ նահանգի զոյգ տնօրէնութեան վկայագիրներուն:

Րաֆֆին Սառա Քորնինկ Ցեղասպանութեանց Ուսուցման Հիմնարկի hիմնադիրն է եւ նախկին տնօրէնը: Իր եղբօր հետ միասին հրատարակած է «Խոկացող Կռունկը» խորագրով բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն:

Վերջերս իր պատրաստած Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման նիւթով ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է Քալկըրի Համալսարանի հրատարակչատան կողմէ:

Կը Շնորհաւորենք պրն. Րաֆֆի Սարգիսեանը ցարդ ձեռք ձգած իր իրագործումներուն համար եւ կ’ողջունենք զինք՝ մեր վարժարանի Տնօրէնի իր նոր պաշտօնին համար:

Մեր Վարժարանի անցնող 38 տարիներու ընթացքին, հպարտութեամբ կը հասատատենք, որ ունեցանք նուիրեալ եւ անխոնջ ծառայող տնօրէններ, որոնց կը պարտինք մեր վարժարանի աշակերտութեան յաջողութիւնները, եւ որ մեր վարժարանը դրուեցաւ հաստատ հիմերու վրայ:

Կը հաւատանք, որ պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան հետեւելով նոյն ուղիին, մեր վարժարանը պիտի հասցնէ նոր բարձունքներու ու պիտի սատարէ մեր աշակերտներու յաջողութեան: