image

Սկիզբ առած է Երեւան Տօնավաճառի մէջ սուրիահայ գործարարներուն խանութներու յանձնման փուլը

Սկիզբ առած է Երեւան Տօնավաճառի մէջ սուրիահայ գործարարներուն խանութներու յանձնման փուլը

 Սուրիահայերու Միութիւն ՀԿ-ն իր ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկացնէ, որ Երեւան Տօնավաճառի մէջ սուրիահայ գործարարներուն խանութներով ապահովելու նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են եւ հերթը հասած է խանութներու տրամադրման:

Նշենք, որ տրամադրուող խաութները առաջին վեց ամսուան համար վարձակալութեան վարձավճարէ զերծ պիտի ըլլան: Ծրագիրը կ'իրականացուի Երեւան Տօնավաճառի տնօրէնութեան հետ համագործակցաբար:

Միութիւնը կոչ կ'ընէ իրենց աշխատանքային ծրագիրներուն զարգացման հետամուտ եւ այս շուկային մաս կազմել եւ տարածք ունենալ փափաքող բոլոր սուրիահայ գործարարներուն, դիմել կազմակերպութեան, զանգահարելով հետեւեալ հեռախօսահամարներուն՝

+374 77 289946
+374 55 050002

+374 55 383403

Նշենք, որ վարձակալութեան պայմանագրերու պատրասման եւ ստորագրման համար սուրիահայ գործարարներուն նաեւ անվճար փաստաբանական ծառայութիւն կը մատուցուի: