image

Հրանդ Տինքի անուան «Մամուլի Ազատութեան» մրցանակ տրուած է Իտալիոյ մէջ

Հրանդ Տինքի անուան «Մամուլի Ազատութեան» մրցանակ տրուած է Իտալիոյ մէջ

Հրանդ Տինքի անուան «Մամուլի Ազատութեան» իտալական մրցանակը ծնունդ առած է`  տաս տարիներ առաջ, Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Հրանդ Տինքի դէմ Սթանպուլի մէջ գործադրուած ոճիրի յաջորդող օրերուն։

Մրցանակի նպատակակէտն է վառ պահել Հրանդ Տինքի յիշատակը, անոր նահատակութիւնը նկատելով առիթ՝ վերարժեւորելու լրագրողներու դերը աշխարհի մը մէջ, ուր յաճախ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրուած է ու ենթակայ է տնտեսական կամ քաղաքական շահերու եւ ձգտումներու: Միւս կողմէ մրցանակը առիթ է վերարծարծելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ու գնահատելու բոլոր անոնք, որոնք իտալական շրջանակէն ներս, թիկունք կը կանգնին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի պայքարին:

«Մամուլի Ազատութեան» Հրանդ Տինքի անուան Իտալական մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի իտալացի հանրածանօթ այն լրագրողներուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ սատարած են ճշմարտութեան ճանաչումին, յատկապէս երբ ան կը յառի Հայկական Հարցի պատմական իրականութեան։

Մրցանակը այս տարի կը բոլորէ իր 10-րդ փուլը, որուն առթիւ յառաջիկայ 25 մայիսի յետմիջօրէի 5,30-ին, Հռոմի «ՎԱԼԼԻՉԵԼԻԱՆԱ» գրադարանի պաշտօնական դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքի անուան «Մամուլի Ազատութեան» իտալական մրցանակի տուչութեան հանդիսութիւնը։

Մրցանակին կ՛արժանանայ Իտալացի լրագրողուհի Մարթա Ֆետերիքա Օթթավիանի:

1976-ի ծնունդ Մարթա Ֆետերիքա Օթթավիանին աւարտած է Միլանի Պետական Համալսարանը ու լրագրողի մասնագիտութիւնը կատարած է Միլանի Քարլօ Տէ Մարթինօ հաստատութեան մօտ։

2005-ին, ան մեկնած է Սթանպուլ համագործակցելով իտալական զանազան օրաթերթերու հետ։ Ութ տարիներ ետք կը լքէ Թուրքիան ու կը վերադառնայ Միլան ուր լրագրողի իր գործունէութիւնը կը շարունակէ համագործակցելով «Ավվենիրէ» եւ «Լա Սթամփա» օրաթերթերուն հետ։ Ան նկատուած է Թուրքիոյ յարող Իտալացի ամենայայտնի մասնագէտներէն մին։

Մարթա Ֆետերիքա Օթթավիանի մօտէն ճանչցած է Հրանդ Տինքը եւ ամէն տարի անոր մահուան տարելիցին առթիւ չի զլանար անոր յիշատակին ձօնելու գրութիւններ ու յատկապէս պաշտպանելու անոր դատը։

Տուչութեան հանդիսութեան, որ կը վայելէ Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութիւնը եւ «լրագրողներ առանց սահմանի» ընկերակցութեան համագործակցութիւնը, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ի մէջ այլոց «ՎԱԼԼԻՉԵԼԻԱՆԱ» գրադարանի ներկայացուցիչներ, Իտալիոյ  մօտ ՀՀ դեսպան Տիկ Վիքթորիա Բաղդասարեան, յայտնի լրագրող Տիար Մարքօ Թոզաթթի` որ ելոյթ կ՛ունենայ «խօսքի ու մտքի ազատութեան» նիւթին մասին, ապա Հռոմի Հայ գաղութի ներկայացուցիչներ եւ իտալացի բարեկամներ։