image
Հրատապ լուրեր:

Մեր արմատները միշտ կապուած են իրարու եւ Հայրենիքին հետ. Ալիսիա Իշխանեան

Մեր արմատները միշտ կապուած են իրարու եւ Հայրենիքին հետ. Ալիսիա Իշխանեան


Այսուհանդերձ, ներկայ եղայ առաջին հանդիպումին: Ժողովասրահին մէջ՝ շուրջ 40 աշակերտներ նստած էինք, ուր մեզի բացատրուեցաւ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիային նպատակը եւ յատկապէս՝ Ուիքի ճամբարին նպատակը.- Որպէս սփիւռքահայեր եւ որպէս հայ աշակերտներ, մեր ամէնէն մեծ պարտականութիւնը պիտի ըլլար պահպանել արեւմտահայերէնը, զարգացնելով Ուիքիփետիայի (արեւմտահայերէն հանրագիտական իմաստով) տեղեկութիւնները, ուրկէ արեւմտահայերէնով գիտելիքներ ապահովելը պիտի ըլլայ դիւրին՝ բոլոր հայերուն համար, ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Մեր խանդավառ խումբին յաջորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ճամբարին օրը, երբ պիտի ուղղուէինք Զմմառ: Պայուսակները շալկած, պատրաստ էինք սորվելու եւ աշխատելու մեր լեզուի պահպանման համար: Այդ ճամբարի դուռներէն մտանք իրարու բոլորովին անծանօթ աշակերտներ, եւ հոնկէ դուրս ելանք իբրեւ մտերիմ բարեկամներ, հարուստ գիտելիքներով եւ անմոռանալի յուշերով:

Առաջին օրէն իսկ, բոլորս համակարգիչներով պատրաստ կը սպասէինք «գրաշարելու»: Առաջին եւ ամէնէն դիւրին քայլը այս ծրագրին երկարեցաւ ժամերով...: Գրաշարելու, տպելու, խմբագրելու եւ թարգմանելու գործը մեզի յանձնուած էր, եւ մենք զանազան դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուէինք: Սակայն այս բոլորը երկար չտեւեցին, որովհետեւ քանի մը օրետք բոլորս ալ մինչեւ ուշ գիշեր (որոնք մեր ազատ ժամերն էին) կը նստէինք եւ կը խմբագրէինք: Սկզբնական շրջանին մեր գործը գիրքերէ ընդօրինակութիւններ ընել էր տարբեր անձերու մասին եւ զանոնք վերածել Հայերէն Ուիքիփետիայի յօդուածներու: Ժամանակ մը ետք, մենք նախընտրեցինք աշխատիլ մեր նախասիրած նիւթերուն մասին, եւ այսպիսով արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան սկսաւ զարգանալ զանազան նիւթերով: Կը թարգմանէինք Արեւելահայերէնէ, Արաբերէնէ, Անգլերէնէ եւ Ֆրանսերէնէ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը, ամէն մէկ յօդուած խմբագրելու ատեն կը սորվէր նոր տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ, զորս մինչեւ այսօր կը գործածենք մեր ամէնօրեայ խմբագրումներու ընթացքին:

Այս փորձառութեան յաջորդեցին Հայաստանի երկու «Ուիքի ճամբար»ները, որմէ ետք՝ Փորթուկալի «Ուիքի Ճամբար»ը:

Չեմ մոռնար առաջին օրը Փորթուկալի ճամբարին ընթացքին, երբ բոլորս հաւաքուած պարտէզին մէջ միասնաբար կ'երգէինք առանց գիտնալու նոյնիսկ միւսին անունը: Միայն գիտէինք թէ բոլորս ալ սփիւռքահայեր էինք, եւ արդէն ատիկա մեր բոլորին մէջ արթնցուց հայրենասիրական ոգի մը: Չեմ մոռնար նաեւ անքուն գիշերները, երբ բոլորս միասին բարձրաձայն խաղեր կը խաղայինք, իսկ պատասխանատուները հազարաւոր անգամներ մեզի կը պատուիրէին որ լռութիւնը պահպանենք:

Ահա թէ ինչու «Ուիքի ճամբար»ները իւրայատուկ են ուրիշ ճամբարներէ: Անոնք կապեր կը ստեղծեն բոլոր սփիւռքահայերուն միջեւ, նկատելով որ մենք կու գանք տարբեր երկիրներէ, սակայն մեր արմատները միշտ կապուած են իրարու եւ Հայրենիքին հետ: Հայը, ուր որ է, կը գիտնայ թէ ան կ'աշխատի մէկ նպատակի համար միայն՝ պահպանելու իր լեզուն, գրականութիւնը, ուղղագրութիւնը եւ միշտ քալել դէպի առաջ:

Եւ ահա, անծանօթ անձերը դարձան մտերիմ բարեկամներ, աշխատանքը դարձաւ հաճոյք, եւ օտար տեղերը դարձան մեր ժամանակաւոր տուները:

Այդ մուտքի դուռները, որ մեզ կ'ընդունին ամէն անգամ, նաեւ կ'ըլլան ականատես մեր բաժանումի արցունքներուն, որովհետեւ Ուիքիփետիան եւ բոլոր ուիքիճամբարները հաստատ անջնջելի դրոշմներ կը ձգեն մեր կեանքերուն մէջ: