image

Հալէպ. Կիլիկեան վարժարանի մանկապարտէզի այս տարուան հունձքը

Հալէպ. Կիլիկեան վարժարանի  մանկապարտէզի այս տարուան հունձքը

Հալէպի մէջ 14 մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Աղաճանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցած է Կիլիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:

8 Ծաղիկ դասարանի աշակերտներ վկայական ստացած են, բարձրանալով նախակրթարան բաժին:

Նշենք, որ Կիլիկեան Կրթական հաստատութիւնը, հիմնուած է 1921-ին, որպէս Կիլիկեան Գաղթականաց Վարժարան, 1930 թուականին վերանուանուած է Կիլիկեան Երկսեռ Վարժարան, իսկ 1960 թուականին` Կիլիկեան ճեմարան: