image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ ափսոսանք կը յայտնէ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակի մօտալուտ փակման կապակցութեամբ

ԱՄՆ  ափսոսանք  կը յայտնէ Երեւանի մէջ  ԵԱՀԿ գրասենեակի մօտալուտ փակման կապակցութեամբ

Միացեալ Նահանգները ափսոսանք կը յայտնէ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակի մօտալուտ փակման կապակցութեամբ, յայտարարած է ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի մէջ ԱՄՆ գործերու հաւատարմատար Քէյթ Պայրնըս:

«Կը ցաւինք, որ կը փակուի Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ վերջին գրասենեակը: Այդ գրասենեակները անգնահատելի աջակցութիւն կը ցուցաբերեն այն երկիրներուն, ուր կը գտնուին՝ օգնելով ամրապնդել նուիրուածութիւնը ԵԱՀԿ սկզբունքներուն եւ յանձնառութիւններուն, ապահովելով վաղ նախազգուշացում եւ ճգնաժամերու կառավարում, խրախուսելով երկխօսութիւն կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որ տեղադրուած է ԵԱՀԿ-ի կայքին մէջ:

«Մենք բարձր կը գնահատենք ԵԱՀԿ-ի գերմանական եւ աւստրիական նախագահութիւններու վճռական ջանքերը՝ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակի մանդատի երկարաձգման շուրջ ստեղծուած փակուղիէն դուրս գալու ուղղութեամբ: Կ'ափսոսանք, որ Ատրպէյճանը հրաժարեցաւ համաձայնիլ մանդատի երկարաձգման, քանի դեռ Գրասենեակը կը շարունակէ իր մարդասիրական ականազերծման հետ կապուած գործունէութիւնը: Հայաստանը, հաւատարիմ մնալով փոխհամաձայնութեան ոգիին, համաձայնեցաւ Գրասենեակի այդօրինակ գործունէութեան դադրեցման: Հակառակ նախագահութեան՝ ամիսներ շարունակ գործադրած ջանքերուն, հնարաւոր չեղաւ հասնիլ այնպիսի ձեւակերպման, որ բաւարարէր բոլոր անդամ երկիրներուն եւ թոյլ տար ընդունիլ մանդատի երկարաձգման մասին Մշտական խորհուրդի որոշում», - յիշեցուցած է ԵԱՀԿ-ի մէջ ԱՄՆ առաքելութիւնը:

«Մենք կոչ կ'ընենք Նախագահութեան եւ Գլխաւոր քարտուղարին՝ նոր ուղիներ փնտռել Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ ներկայութիւնը պահպանելու համար», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ դեսպան Աւաքովին եւ անոր աշխատակազմին՝ «գերազանց աշխատանքի եւ նուիրուածութեան համար՝ յատկապէս հաշուի առնելով վերջին ամիսներուն Գրասենեակի ապագայի հետ կապուած անորոշութիւնը»: