image

Պետրոս Շիրինօղլու Էրտողանի հետ պիտի հանդիպի

Պետրոս Շիրինօղլու Էրտողանի հետ պիտի հանդիպի

Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է, որ յառաջիկայ շաբաթուան մէջ կը ծրագրէ հանդիպիլ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»-ը:

«Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 24-ին հրապարակած ուղերձին մէջ յայտնեց, որ տեղեակ է մեր համայնքի պատրիարքի հարցին: Անոր հետ առաջին հանդիպման ժամանակ ինծի խօսք տուաւ խնդիրով զբաղիլ հանրաքուէէն ետք: Յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին, եթէ որեւէ բան չպատահի, կը ծրագրեմ հանդիպել անոր հետ: Կը կարծեմ, որ համայնքի կարեւորագոյն հարցերէն մէկը` պատրիարքի ընտրութեան հարցը, կարճ ժամանակի մէջ պիտի լուծենք: Պէտք է զգուշ ըլլանք, ի վերջոյ այս ընտրութիւնները պիտի ըլլան»,- ըսած է Շիրինօղլու: