image

Եգիպտահայութիւնը ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի առթիւ արիւն յանձնած է Կարմիր Մահիկին (Լուսանկարներ)

Եգիպտահայութիւնը ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի առթիւ արիւն յանձնած է Կարմիր Մահիկին (Լուսանկարներ)

Եգիպտոսի հայ համայնքի անդամները Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, արիւն յանձնած են Կարմիր մահիկի միութեան մէջ:

Homenetmen Ararat Cairo Scouts տեղի հայկական կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած արշաւով հայերը իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են Եգիպտոսի կառավարութեան ու ժողովրդին, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք մեծ թիւով հայեր ընդունած են:

Ժամանակին եգիպտահայութեան թիւը շուրջ 25 հազար էր, սակայն Արաբական գարնան հետեւանքով, այսօր ընդամէնը 4 000 հայ կ'ապրի այնտեղ, հիմնականը՝ մայրաքաղաք Գահիրէի եւ Ալեքսանտրիայի մէջ, ուր անոնք ունին իրենց դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները եւայլն։