image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանացի դիտորդները Արցախի մէջ սահմանադրական հանրաքուէի տպաւորութիւններու մասին յօդուած հրապարակած են

Գերմանացի դիտորդները Արցախի մէջ սահմանադրական հանրաքուէի տպաւորութիւններու մասին յօդուած հրապարակած են

Գերմանական «ADK» հանդէսին մէջ հրապարակուած է «Լեռնային Ղարաբաղը նոր սահմանադրութիւն որդեգրեց. դիտորդներու տպաւորութիւնները» վերնագիրով ծաւալուն յօդուած մը։

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ յօդուածը համահեղինակած են Փետրուար 20-ին Արցախի սահմանադրական հանրաքուէին դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան երկու նախկին դեսպաններ Ռայներ Մորելը (2012-2015) եւ Հանս-Եոխէն Շմիտթը (2009-2012), որոնք ներկայացուցած են իրենց տպաւորութիւններն ու գնահատականները:

Գերմանացի դիտորդները նշած են, որ  չնայած բարդ իրավիճակին, որուն մէջ երկար ժամանակ կըգտնուի ԼՂՀ-ն (իր պետականութեան կերտման սկիզբէն իսկ Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պատերազմը, այնուհետեւ Ատրպէյճանի հետ 1994 թուականին միջազգայնօրէն կնքուած հրադադարի պայմանագիրը, որ անընդմէջ խախտուած է` ընդհուպ մինչեւ անցեալ տարուան Ապրիլ 2-ին Ատրպէյճանի կողմէ սահմանին ողջ երկայնքով վերսկսած ռազմական յարձակումով) 2006-ին յաջողուած է ժողովրդավարական Սահմանադրութիւն հռչակել, եւ այդ իսկ Սահմանադրութեան համապատասխան` ժողովրդավարական հիմնարկներ կառուցել:

«Այս հանրաքուէն, ինչպէս նաեւ նախորդ հանրաքուէները եւ խորհրդարանական ու  նախագահական ընտրութիւնները, ամրացուցին ԼՂՀ տէ-ֆաքթօ պետութեան միջազգային իրաւական արդիւնաւէտութիւնը»,- նշած է յօդուածի համահեղինակ Մորելը եւ, անդրադառնալով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան թեմային, աւելցուցած, որ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութիւնը 21-րդ դարուն կրնայ միայն բանակցութիւններու սեղանին շուրջ լուծուիլ:

Իր հերթին, դեսպան Շմիտթ ընդգծած է, որ ուրախալի է, որ 2017 թուականի Փետրուար 20-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած Սահմանադրական հանրաքուէն ընթացած է միջազգայնօրէն ընդունուած պահանջներուն համապատասխան: «Եւ այս քաղաքական իրադարձութիւնը թերագնահատման ենթակայ չէ` հաշուի առնելով այն փաստը, որ Արցախի հարեւանութեամբ քաղաքական պատկերը հետզհետէ աւելի ու աւելի կ՝արտայայտուի մենատիրական, ընտանեկան «թագաւորութեան» բռնապետական ​​կառավարման գործընթացներով»,- նշած է Շմիտթ:

Երկու դիւանագէտներն ալ մանրամասն անդրադարձած են այն հանգամանքին, որ հանրաքուէն կազմակերպուած է ժողովրդավարութեան բարձր մակարդակով, ընտրողներու նկատմամբ ճնշումներ կամ ընտրական գործընթացի խախտումներ չեն արձանագրուած, եւ որ երկրի կառավարման ու անվտանգութեան հարցերու մէջ իրենց շփումներուն ընթացքին հասարակութեան եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու կարծիքները շատ նման եղած են: Անոնք անհրաժեշտ համարած են, որ փոխզիջումներու հիման վրայ պէտք է կարգաւոր համարուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, որ մեծապէս պիտի ազդէ ողջ Հարաւային Կովկասի քաղաքացիական հասարակութեան ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարելաւման: