image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան «ապատեղեկատուութիւն» որակած է Թրամբի ապրիլ քսանչորսեան յայտարարութեան մէջ տեղ գտած որոշ ձեւակերպումները

Թուրքիան «ապատեղեկատուութիւն» որակած է Թրամբի ապրիլ քսանչորսեան յայտարարութեան մէջ տեղ գտած որոշ ձեւակերպումները

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը անդրադարձած է Տանըլտ Թրամբի ապրիլ քսանչորսեան ուղերձին, ուր ԱՄՆ-ի ղեկավարը իր նախորդի՝ Պարաք Օպամայի նման Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանած էր «Մեծ եղեռն»:

Թրքական արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Թրամբի ուղերձին մէջ տեղ գտած են՝ «սխալ տեղեկութիւններ եւ սահմանումներ, ինչը տարիներ շարունակ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական շրջանակներու կողմէ տարուող քարոզչութեան արդիւնքով  ձեւաւորուած փաստերու սեւացման հետեւանքն է»:

Պաշտօնական Անգարան յոյս յայտնած է, թէ ԱՄՆ-ի նոր ղեկավարութիւնը «չի հիմնուիր միակողմանի ներկայացուող պատմութեան վրայ եւ այնպիսի մօտեցում կ'որդեգրէ, ուր հաշուի կ'առնուի բոլոր կողմերու ցաւերը»:

Թուրքիոյ ԱԳՆ նախարարութեան յայտարարութեան մէջ թրքական իշխանութիւնները ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան ուշադրութեան հրաւիրած են, որ 24 ապրիլին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ զոհուած օսմանեան հայերու յիշատակին նուիրուած արարողութիւն կատարած է, իսկ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ուղերձ յղած է այդ միջոցառման, ուր արտայայտած է այս հարցին մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը:

Յիշեցնենք, Թուրքիոյ նախագահը հերթական ուղերձ յղած էր Թուրքիոյ հայութեան` յիշելով «առաջին համաշխարհայինի ծանր պայմաններուն մէջ  կեանքէ հեռացած օսմանեան հայերը եւ ցաւակցութիւն յայտնած էր անոնց թոռներուն»:

Երէկ երեկոյեան Պոլսոյ կեդրոնական Իսթիքլալ պողոտայի հարակից Թունէլի հրապարակին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու էիշատակի հարթակի նախաձեռնած միջոցառման հարիւրաւոր մասնակիցները թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած են առերեսուիլ իրականութեան հետ: - «Ոչ թէ ցաւակցութիւն, այլ ներողութիւն կը սպասենք: Արդէն 102 տարի եղաւ, մի սպասէք 103-րդին: Ներողութիւն խնդրեցէք», - ըսուած էր միջոցառման հնչած յայտարարութեան մէջ: