image

Հոլանտ ծաղիկներ խոնարհած է Կոմիտասի յուշարձանին (Լուսանկար)

Հոլանտ ծաղիկներ խոնարհած է Կոմիտասի յուշարձանին (Լուսանկար)

Ֆրանսայի մէջ, նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ղեկավարներու, ֆրանսացի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու եւ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Փարիզի Քանատայի հրապարակին վրայ Կոմիտասի յուշարձանի մօտ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի միջոցառում:

Ներկաները Հոլանտի գլխաւորութեամբ ծաղիկներ խոնարհած են Կոմիտասի յուշարձանին: «Ես այստեղ եմ` լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Մենք այսօր քաղաքացիական մոպիլիզացիայի եւ հանրապետական զգօնութեան կոչ պէտք է ընենք: Յիշողութեան պայքարը մեր հիմնական գործողութիւնն է, պայքար` պատմական աղաւաղումներու դէմ: Մեծ մտածողները արդէն 100 տարի է հանդէս եկած են ցեղասպանութիւններու դէմ: Սա Ֆրանսայի համերաշխութիւնն է հայ ժողովուրդին, որ յիշած եմ նաեւ դէպի Հայաստան իմ ճանապարհին»,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով, որ Ֆրանսան երբեք պիտի չդադարի խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

 



24 Ապրիլին Կոմիտասի յուշարձան այցելած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու, ընտրութիւններու առաջին փուլին առաւելագոյն ձայներ ստացած, «Յառաջ» շարժման առաջնորդ Էմանուէլ Մաքրոնը: «Ֆրանսայի հայերն ու հայուհիները իրենց ներդրումը ունեցած են մեր պատմութեան կերտման մէջ»,- թվիթրեան իր էջին գրած է Մաքրոն եւ տեղադրած Փարիզի մէջ Կոմիտասի յուշարձան այցելութեան լուսանկարը: