image

Այսօր անոնց ամենացաւոտ օրն է, ամենամեծ սուգը. Թուրք սիւնակագիր

Այսօր անոնց ամենացաւոտ օրն է, ամենամեծ սուգը. Թուրք սիւնակագիր

Թուրք սիւնակագիրներէն Փընար Տողուն թրքական հեղինակաւոր t24.com.tr կայքին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին:

Տողուն կոչ ըրած է թուրք ժողովուրդին բանալու աչքերը ու առերեսուելու պատմութեան, խօսելու Թուրքիոյ մէջ մնացած հայերու հանդէպ վերաբերմունքին, հայ համայնքի ապրած դժուարութիւններուն ու անդառնալի կորուստներուն մասին:

Փընար Տողուի յօդուածը «Թերթ․ամ»-ը կը ներկայացնէ ստորեւ.

«Պատահա՞ծ է, որ ձեր իսկ հայրենիքին մէջ դուք ձեզի օտար զգաք:

«Կրնա՞ք հանգիստ սրտով պատասխան տալ, երբ ձեզի հարցնեն, թէ ուրկէ էք: Ձեր երեխայի անուան, կրօնի եւ մայրենի լեզուի պատճառով երբեւէ դժուարութիւններ ունեցա՞ծ էք անոր դպրոց արձանագրելու ատեն:

«Իսկ պատահա՞ծ է, որ շատ աչքի չիյնալու համար թաղամասի յետին նեղլիկ փողոցներով տուն երթաք:

«Երբեւէ ստիպուած եղա՞ծ էք լքելու ձեր հողը, տունը:

«Ձեր խանութի ցուցափեղկերը փակա՞ծ են, ձեր ունեցուածքը բռնազաւթա՞ծ են երբեւէ:

«Անոնք իրենց կերած ափսէին մէջ թքող մարդիկ չեն: Անոնք մարդիկ են, որոնց հետ նոյն ափսէէն հաց կերած ենք:

«Եթէ դուք մոռցած էք այդ մասին կամ մոռցնել տուած` դեռ չի նշանակեր, որ ատիկա ջնջուած է պատմութեան էջերէն:

«Ռամատանի ժամանակ պահք պահել ստիպելով անոնց կրօնը չենք փոխեր:

«Այսօր անոնց ամենացաւոտ օրն է, ամենամեծ սուգը…»: