image
Հրատապ լուրեր:

Պէլճիքա. Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Շահան արք. պիտի մասնակցի Սուրիահայութեան ի նպաստ ձեռնարկի մը

Պէլճիքա. Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Շահան արք. պիտի մասնակցի Սուրիահայութեան ի նպաստ ձեռնարկի մը

Պրիւքսէլի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Մայիս 1, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Հալէպի հայոց թեմի առաջնորդ Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի եւ Հալէպի հայ գաղութի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեանի հետ հանդիպում տեղի պիտի ունեանյ: Հիւրաերը Պելճիքահայ գաղութին պիտի իրազեկեն Հալէպի հայ գաղութին դիմագրաւած հիմնախնդիրներուն մասին։

Տեղի պիտի ունենայ նաեւ դրամահաւաք գաղութին վերակառուցման համար:

Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծիրէն ներս կազմակերպուած միջոցառման նախաձեռնողներն են ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Պելճիքայի կոմիտէն, Պելճիքայի Հայ առաքելական եկեղեցին, Պելճիքայի հայ օգնութեան միութիւնը, Պելճիքայի դեմոկրատների միութիւնը, Communauté Arménienne de Belgique-ը եւ Centre Social Arménien-ը: