image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ հանդիպում` Էվերէսթը յաղթահարող Արա Խաչատուրեանի հետ

Պէյրութի մէջ հանդիպում` Էվերէսթը յաղթահարող Արա Խաչատուրեանի հետ

ՀԲԸՄ-ի  110-ամեակին առիթով  տեղի ունեցող միջոցառումներուն  ծիրէն ներս,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 11 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ  հանդիպում մը տեղի  ունեցած է Էվերեսթի գագաթը վերջերս բարձացած  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ական Արա Խաչատուրեանի հետ:Արա  Խաչատուրեան սկաուտական մկրտութիւնը ստացած է ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Ալեք Մանուկեանի  շարքերուն մէջ,  նախ իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ:1983-ին հաստատուած է Մարսէյ, Ֆրանսա:

Հանդիպումին ներկայ եղած են ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային  Յանձնաժողովի   ատենադպրուհի տիկին Սիլվա Լիպարիտեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, միութենականներ, բարեկամներ:

Հանդիպման ցուցադրուած է  Էվերեսթը բարձրանալու մանրամասնութիւնները  նկարագրող  տեսաերիզ մը: Խաչատուրեան կարեւորեւ հետաքրքրական  տեղեկութիւններ փոխանցած է  լեռնագնացութեան ընթացքին պատահած դէպքերու մասին, ապա սպառիչ  բացատրութիւններ  տուած՝ իրեն ուղուած  հարցումներուն: 

Նշենք, որ Խաչատուրեանի մօտ Էվերէսթի  բարձրունքը  յաղթահարելու  ծրագիրը  յառաջացած է Հայոց ցեղասպանութեան   հարիւրամեակի տարին, ի  յիշատակ  հայ բիւրաւոր  նահատակներուն: Սակայն Էվերեսթի  շրջանը հարուածող երկրաշարժը  եւ անոր  յաջորդող փոթորիկը պատճառ դարձած էր, որ ակամայ հրաժարէր ծրագիրէն:  Եւ 2016-ին միայն ան իրագործած էր իր  ծրագիրը: