2016 թուականէն ի վեր, երբ Միացեալ Թագաւորութիւնը քուէարկած է Brexit-ի (Մեծ Բրիտանիոյ՝ ԵՄ կազմէն դուրս գալու գործընթաց) օգտին, երկու կողմերը կը փորձեն յստակեցնել յետպրեքսիթեան առեւտուրին եւ ԵՄ անդամ Իրլանտայի հետ սահմանակից բրիտանական ծայրամաս Հիւսիսային Իտլանտային առնչուող հարցերը։
«ԵՄ տարբեր գործիչներ տարիներ շարունակ Հիւսիսային Իրլանտան կը բնութագրեն որպէս առանձին պետութիւն, եւ այդ սխալ է։ Մենք այդպէս չենք ըսեր Քաթալոնիոյ եւ Պարսելոնայի, կամ Ֆրանսայի մէջ Քորսիքայի մասին», -ըսած է Ռաապը։
Մաքրոնը, իր հերթին, լրագրողներուն ըսած է, որ կողմերը պէտք է դադրեցնեն ժամանակ վատնել առեւտրային վէճերու վրայ, եւ նշած, որ Ֆրանսան երբեք կասկածի տակ չէ դրած Միացեալ Թագաւորութեան ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։
Յիշեցնենք, որ ԵՄ կազմէն թագաւորութեան դուրս գալու պայմաններու շուրջ բանակցութիւնները սկսած էին 19 Յունիս 2017-ին եւ նախատեսուած էին երկու տարիով, սակայն քանի մը անգամ երկարաձգուած են: