image

Ատամ Շիֆը իր երկրէն պահանջած է քայլեր ձեռնարկել Պաքուին դէմ

Ատամ  Շիֆը իր երկրէն պահանջած է քայլեր ձեռնարկել Պաքուին դէմ

ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆը, որ Ներկայացուցիչներու պալատի Հայկական հարցերով յանձնաժողովի անդամ է, անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու կտտանքներուն եւ անոնցմէ 19-ի սպանութեան՝ բարձրաձայնելով Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտման փաստերը:

«Մինչ մենք կ'աշխատինք մնացած ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման հասնելու ուղղութեամբ, ԱՄՆ-ն պէտք է կոշտ պատասխանատուութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը եւ բոլոր անոնք, որոնք կատարած են այս յանցագործութիւնները, եւ դադարեցնէ քաղաքականութիւնը, որ թոյլ տուած է, որ ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը հասնի Պաքուի ռեժիմին: Մենք չենք կրնար նստիլ ձեռքերնիս ծալած, երբ յանցագործութիւններ կը կատարուի Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի դէմ:

Սիրտս կը ցաւի 19 տղամարդոց եւ կանանց համար, անոնց սիրելիներու եւ ողջ հայկական համայնքի համար: Ես մշտապէս կանգնած եմ անոնց կողքին՝ շարունակելով պայքարիլ Արցախի անկախութեան եւ խաղաղութեան համար»,- իր դիմատետրեան էջին գրած է քոնկրէսականը: