image

Երեւանի մէջ. Հալէպահայ թատերական գործիչ Յակոբ Կիւլվարդեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Երեւանի մէջ. Հալէպահայ թատերական գործիչ Յակոբ Կիւլվարդեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Երեւանի մէջ «Քորոնա»ի բարդութիւններու հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ  թատերական կեանքի նուիրեալ գործիչներէն՝ Յակոբ Կիւլվարդեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի  հարազատներէն։

Ստորեւ սեղմ տողերու մէջ կը ներկայացնենք Յակոբ Կիւլվարդեանի կենսագրական գիծերը, մեր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելով անոր պարագաներուն։

 

Յակոբ Կիւլվարդեան, ծնեալ Հալէպ 1951-ին։

 Հալեպահայ թատերական կեանքէն ներս անուանի դերասան։

Երիտասարդ տարիքէն շատ մօտիկ եղած էր թատրոնին, ուր փայլեցաւ որպէս կարող դերասան:

Ան եղած է Հալէպի Նոր Սերունդ Մշ. Միութեան Անդրանիկ թատերախումբի երկարամեայ անդամ, ստանձնելով բազմապիսի դերեր՝ «Վարդանանց», «Կորսուած Նամակ Մը», «Մեծապատիւ Մուրացկաններ», «Ֆիզիկոսները», «Արշիլ Կորքի», եւ շարք մը այլ փիեսներու մէջ։ Սուրիական պատերազմի պատճառով՝ 2014-ին տեղափոխուեցաւ հայրենիք, ուր շարունակեց իր նախասիրած գործը, դերեր առնելով տեսահոլովակներու, սերիալներու եւ այլ գեղարուեստական ծրագիրներու մէջ:

Յ. Կիւլվարդեան մահացաւ 30 Ապրիլին Երեւանի մէջ, «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով առաջացած սուր թոքատապի պատճառով։

Վերջին հրաժեշտի, եւ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2 մայիս ժամը 14-ին, Նուպարաշէնի գերեզմանատան մէջ։