image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ երգչուհի՝ Նուարդը կը փայլի...

Պոլսահայ երգչուհի՝ Նուարդը կը փայլի...

 

Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթէն կը կարդանք ՝ 

 

«Մեր երաժշտական աշխարհէն ներս այս շրջանին կը փայլի համակրելի մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուի աստղը, որ գեղարուեստասէրներու ուշադրութեան կ՚արժանանայ իր կատարողական կարողութիւններով եւ դիպուկ ձայնով։ Երբ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով մշակութային ու գեղարուեստական կեանքը գրեթէ կանգ առած է, մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլու եկած է ընկերային ցանցերու միջոցաւ այդ բացը հաւասարակշռելու։ Սա զուտ սահմանափակումներու բերումով նուազագոյնով բաւարարուելու երեւոյթ մը չէ, այլեւ՝ ընդհակառակն, ան բաւական յաւակնոտ քայլերով վերելք կ՚արձանագրէ երաժշտական ոլորտին մէջ։ Նուարդ Աւետիքօղլու ընկերային ցանցերու վրայ յայտնութիւն մը դարձած է՝ մասնաւորապէս «Արշալոյս էր» երգի կատարումով։ Ան այս գործը իսկապէս մեծ յաջողութեամբ կը մեկնաբանէ եւ այդ երգը խորհրդանշանի մը վերածուած է իր վերելքին տեսակէտէ։ «Արշալոյս էր»ը արդէն անբացատրելի հաղորդակցութիւն մը ապահոված է Նուարդ Աւետիքօղլուի եւ երաժշտասէրներու միջեւ։ Իր յաջողութիւնը սահմանափակուած չէ զուտ պոլսահայ շրջանակներով։ Արդարեւ, սփիւռքեան շրջանակներ եւս արդէն նկատած են Նուարդ Աւետիքօղլուի կարողութիւնները, երաժշտասէրներու սիրտը անվերապահօրէն գրաւելու ձիրքերը։ Հարկ է նշել, որ տաղաւարի այս շաբաթավերջին ան հերթական անգամ երաժշտասէրներուն պիտի ներկայանայ՝ ընկերային ցանցերու վրայ նախատեսուած «Նռան յոյսը 2» ծրագրին միջոցաւ։

Նուարդ Աւետիքօղլու հասած է պոլսահայ նահապետական ընտանիքի մը մթնոլորտին մէջ։ Շատ փոքր տարիքէ սկսեալ հաղորդ դարձած է եկեղեցական երաժշտութեան՝ կանոնաւորապէս յաճախելով մեր եկեղեցիները։ Միջոց մը զբաղած է մարմնամարզով՝ որպէս լողորդ։ Յամենայնդէպս, միշտ հակում ունեցած է երաժշտութեան վրայ կեդրոնանալով։ Ուսումը ստացած է Սկիւտարի երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան, Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարաններուն եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ։ Համալսարանական կրթութիւնը եղած է տնտեսագիտութեան վրայ, մինչ այդ աշխատած է՝ որպէս հաշուապահ։

Երիտասարդական տարիներէն սկսեալ հետզհետէ խորացած է երաժշտութեան մէջ։ Անդամակցած է Սայաթ Նովա երգչախումբին, միջոց մը մաս կազմած է «Քնար» նուագախումբին։ Յայտնի արուեստագէտ Գէորգ Դաւիթեանի հետ աշխատած է իր ձայնը մարզելու համար։ Անսպասելի շարք մը հանգամանքներու բերումով միջոց մը ստիպողաբար ընդհատած է երաժշտական գործունէութիւնը։ Յետոյ, վերականգնումի շրջանի աւարտին երաժշտական բնագաւառ վերադարձած է։ Մաս կազմած է Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր երգչախումբին, որու վարիչին՝ յայտնի արուեստագէտ Սեւան Շէնճանի մականին ներքեւ առիթ ունեցած է թէ՛ ինքնակատարելագործուելու եւ թէ մանաւանդ՝ ձայնի մշակումները զարգացնելու։

Նուարդ Աւետիքօղլուի արձանագրած վերելքին մէջ առանձնակի նշանակութիւն ունեցած են յայտնի երաժիշտ Էրքան Օղուրի կողմէ տրուած ցուցմունքները։ Ան եղած է Աւետիքօղլու ընտանիքի բարեկամներէն, իբր այդ տեղեակ դարձած է մեներգչուհիի տպաւորիչ ձայնին։ Էրքան Օղուր շարժանկարի զանազան գործերու մէջ ներմուծած է Նուարդ Աւետիքօղլուի քնքոյշ ձայնը։ Ցայսօր մասնակցած զանազան ձեռնարկներու շարքին Նուարդ Աւետիքօղլուի տեսակէտէ առաւել սրտամօտիկ եղած է մօտաւոր անցեալին Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած համայնքային համերգը՝ հայեցի կրթութիւնը խրախուսելու բնոյթին տեսակէտէ։ Մեր երաժշտական աշխարհի նոյնպէս սիրելի դէմքերէն Պարթեւ Կարեանի կողմէ կեանքի կոչուած այդ ծրագիրը տակաւին թարմ է բոլորի յիշողութեան մէջ, իսկ Նուարդ Աւետիքօղլուի տեսակէտէ եղած է անկիւնադարձ մը՝ արուեստագէտի կոչումը տարբեր հարթութեան վրայ բարձրացնելու տեսակէտէ։

Վերջին շրջանին Նուարդ Աւետիքօղլուին համբաւ ապահոված «Արշալոյս էր» երգն ալ զգացական մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ մեներգչուհիին տեսակէտէ։ Արդարեւ, ան փոքր տարիքին այդ երգը կը լսէր իր լուսահոգի ու սիրեցեալ հօրմէն։ Ձեւով մը հասակ առած էր անոր կատարումով եւ այդ երգի ունկնդրութիւնը կարեւոր դեր խաղացած էր իր ներաշխարհի, զգացական աշխարհի ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Տասնամեակներ անց Նուարդ Աւետիքօղլու մանկութեան օրերուն լսած այդ մեղեդին վերարժեւորելով այսօր կը նուաճէ բարձունքներ։ «Արշալոյս էր, նոր էր բացուել» կամ «Հայաստան մայրիկին երգը» անուններով ծանօթ այդ խորապէս տպաւորիչ երգի կատարումով ընկերային ցանցերու վրայ Նուարդ Աւետիքօղլուի հետեւորդներու թիւը մօտեցած է երկու տասնեակ հազարի։ Թէ՛ թրքահայ շրջանակներէ եւ թէ ընդհանրապէս հայաշխարհէ գնահատանքի, խրախուսանքի եւ զօրակցութեան պատգամներ տեղացած են իրեն։ Այս ամբողջին մէջ Նուարդ Աւետիքօղլուի տեսակէտէ յատուկ արժէք ներկայացուցած են Հայաստանէն զանազան երաժիշտներու կողմէ փոխանցուած գնահատականները։ Իր ձայնի ալիքները արդէն վաղուց հասած են նաեւ Հայաստան, ուր երաժշտական բնագաւառէն կարգ մը գործիչներ մտադրութիւն յայտնած են նախագիծեր պատրաստելու ուղղութեամբ։

Ներկայիս Նուարդ Աւետիքօղլուի հիմնական նպատակն է թողարկել ձայնասկաւառակ մը։ Թէեւ ներկայ շրջանը դժուարութիւններով, բարդութիւններով կը բնորոշուի, սակայն, միւս կողմէ ծանօթ է նաեւ, որ միշտ ալ նման միջավայրերու եւ պայմաններու մէջ կը ստեղծուին մշտական արժէքներու ենթագետինները, ծնունդ կ՚առնեն գլուխգործոցները եւ գեղարուեստի ուժը ի զօրու է յաղթահարել ամէն ինչ։

Ջերմօրէն շնորհաւորելով Նուարդ Աւետիքօղլուն՝ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն»։