image
Հրատապ լուրեր:

Վառնայի կեդրոնին մէջ պիտի դրուի Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանը

Վառնայի կեդրոնին մէջ պիտի դրուի Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանը

«Օրեր» եւրոպական ամսագիրը կը յայտնէ,  օրերս «Ազնաւուր»  հիմնադրամը եւ ՀԲԸՄ Վառնայի մասնաճիւղը ստորագրած են յուշագիր, որու համաձայն Վառնայի մէջ՝ քաղաքի կեդրոնը պիտի դրուի հանրայայտ արուեստագէտ, երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանը: 

Ամսագիրը կը տեղեկացնէ, որ նախաձեռնութեանն իր օրհնութիւնը պիտի բերէ  Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդ եւ տեղապահ,  գերաշնորհ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանը, ինչպէս նաեւ իրենց աջակցութիւնը ցոյց կու տան Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը եւ Նախաձեռնող յանձնաժողովը, որու կազմին մէջ ընդգրկուած են Վառնայի մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ:

 Նախատեսուած է յուշարձանի հանդիսաւոր բացումը կատարել 2022 թուականի 22 մայիսին։