Գիւմրեցիներուն օդային փոխադրամիջոց խոստացող «Արմոն» ՍՊԸ-ի տնօրէն Խաչատուր Սարգսեանը, որ ծնունդով գիւմրեցի է, սակայն երկար տարիներ կը բնակի Ափրիկէի Թանզանիայի Միացեալ Հանրապետութեան մէջ, Գիւմրիի քաղաքապետարանին դիմու ներկայացուցած է՝ խնդրելով սառեցնել իր ներդրումային ծրագիրը։
Այս մասին Aravot.am-ին տեղեկացուցած է Գիւմրիի գլխաւոր ճարտարապետ Հենրիկ Գասպարեանը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ կա՞ն գործարարներ, որոնք հրաժարած են ներկայացուցած ծրագրերէն։
Օդային թրամվայներ խոստացող այս ծրագիրը, որ կը կոչուէր «Սքայ Գիւմրի», ի սկզբանէ ծաղրի թեմայ դարձաւ գիւմրեցիներու համար, յատկապէս, երբ իմացան, որ հեղինակը Այրարատի մարզին մէջ կոկորդիլոսաբուծարան կառուցելու համար ծրագիր ներկայացուցած նոյն անձն է։