image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր արկածի հետեւանքով մահացած է Ջրվէժի հոգեւոր հովիւ Տէր Կիւրեղ քահանայ Տալեանը

Ծանր արկածի հետեւանքով մահացած է Ջրվէժի հոգեւոր հովիւ Տէր Կիւրեղ քահանայ Տալեանը

Կոտայքի մարզին մէջ ինքնաշարժի վթարի հետեւանքով մահացած է Ջրվէժ գիւղի Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Կիւրեղ քահանայ Տալեանը: 

Այս մասին կը հաղիրդէ ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, նշելով, որ այսօր՝ 1 մարտին, ճանապարհի մերկասառոյցի պատճառով ինքնաշարժի ողբերգական վթար տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզին մէջ:

Ժամը 08։30-ի սահմաններուն Ople Zafira մակնիշի մեքենան Երեւան-Սեւան ճանապարհին դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն, բախած է երկաթպեթոնէ արգելապատնէշներուն եւ մի քանի պտոյտ շրջելով՝ յայտնուած է ձորը։ Այս մասին կը հաղորդէ ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, նշելով, որ վթարի հետեւանքով 1 հոգի տեղուոյն վրայ մահացած է, 1 հոգի ալ տեղափոխուած է «Չարենցաւան» բժշկական կեդրոն։

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ մահացածը Ջրվէժի հոգեւոր հովիւ Տէր Կիւրեղն էր, իսկ վթարի հիմնական պատճառներէն մէկը ճանապարհի մերկասառոյցն է։