image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի գերագոյն շահերը պէտք է ամէն բանէ վեր մնան. Արամ Ա կաթողիկոս

Հայաստանի գերագոյն շահերը պէտք է ամէն բանէ վեր մնան. Արամ Ա կաթողիկոս

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու կապակցութեամբ իր մտահոգութիւնը յայտնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը:

«Մեր պատմութեան հին թէ նոր փոթորիկները, մեր հին թէ նոր թշնամիները չկրցան քանդել մեր Տունը՝ Հայաստանը: Մենք չքանդենք զայն: Մենք պատասխանատու ենք ու համարատու մեր սուրբերուն եւ նահատակներուն ու մեր պատմութեան դիմաց:

Հայաստանի գերագոյն շահերը պէտք է ամէն բանէ վեր մնան: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր բոլորին մօտեցումը այսօ՛ր եւ մի՛շտ»,-դիմատետրի իր էջին գրած է Կաթողիկոսը: