Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմութեան կազմակերպած արշաւի մասնակիցները վրաններ լարած են Բաղրամեան պողոտային վրայ:
Աւելի վաղ նշուած էր, որ քաղաքացիները երկու կողմէն պիտի փակեն պողոտան, պատնէշներ պիտի կառուցեն ու մնան այդտեղ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժման» համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը յայտարարած էր, որ պիտի բերեն նաեւ վառարաններ, թէյ ու ջուր, որպէսզի մարդիկ չմրսին: