Այդ մարդը կը փորձէ հանրութեան ուշադրութիւնը ինչ-որ կերպ շեղել եւ կեղծ, հակառուսական թէզեր առաջ կը մղէ, եթէ մենք սկսինք այդ թէզը մեկնաբանել, վերլուծել, իր ջրաղացին ջուր կը լեցնենք: «Իսկանտարը» գերժամանակակից զէնք է, իրեն բազում անգամ արդարացուցած՝ տարբեր փորձարկումներու ժամանակ, ուղղակի չի կրնար այդ զէնքի որակի հետ կապուած ինչ-որ հարց ըլլալ: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ռազմական փորձագէտ Դաւիթ Ջամալեանը՝ անդրադառնալով նախօրէին Նիկոլ Փաշինեանի՝ «Իսկանտար»ի վերաբերեալ յայտարարութեան, թէ ինչո՞ւ կրակած «Իսկանտար»-ը չէ պայթած, կամ պայթած է 10 %-ով:
Ջամալեանը նշած է, որ պէտք է հերքել Նիկոլ Փաշինեանի տարածած ապատեղեկատուութիւնը, քանի որ այն, իր կարծիքով, կը կատարուի հակառուսական տրամադրութիւններ առաջացնելու համար. «Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան մայրամուտը յստակ ուրուագծուում է: Նա փորձելու է մեղքն այլոց վրայ բարդել, փորձելու է հակառուսական թէզեր առաջ մղել, անգամ իշխանափոխութիւնից յետոյ բանտային օրագրերի տեսքով շարունակելու է ինչ-որ բաներ գրել: Պէտք է պատրաստ լինենք ինչ-որ կերպ հանդուրժել այս մարդու գոյութիւնը, անգամ բանտում լինելուվ՝ նա չի լռելու, շարունակելու է կեղծել եւ ստել»: