image

Լեռնային Ղարաբաղի վիճակին վերաբերեալ Ալիեւ յայտարարութիւններ կատարեց

Լեռնային Ղարաբաղի վիճակին վերաբերեալ Ալիեւ յայտարարութիւններ կատարեց

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը կախուած պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք ստեղծուած իրավիճակի ճիշդ գնահատականէն:

«Ատրպէյճանը վերականգնած է միջազգային իրաւունքը, գործնականօրէն նոր իրողութիւններ ստեղծած է տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ: Կը կարծեմ, որ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման հնարաւորութիւններու օգտագործումը մեծամասամբ կախուած պիտի ըլլայ տարածաշրջանի երկիրներու, խոշոր պետութիւններու կողմէ այդ իրողութիւններու ճշիդ գնահատումէն»,- ТАСС գործակալութեան փոխանցմամբ՝ ըսած է Ալիեւը «Նիզամի Կեանճաւիի միջազգային կեդրոնի» համանախագահ, եգիպտացի գիտնական եւ քաղաքական գործիչ Իսմայիլ Սերակ ալ-տինի հետ տեսակապի ժամանակ:

Ալիեւի խօսքով՝ «Ատրպէյճանն այսօր պատրաստակամութիւն կը դրսեւորէ փակելու թշնամանքի, ատելութեան եւ դիմակայութեան էջը»: Վերջինս աւելցուցած է, որ իրենք արդէն անցած են տարածաշրջանի վերականգնման գործընթացի իրականացման: