image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպայէն նոր պատիժներ՝ Ռուսաստանին

Եւրոպայէն նոր պատիժներ՝ Ռուսաստանին

 

ԵՄ 27 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քաղաքական որոշում կայացուցած են նոր պատժամիջոցներ սահմանել այն անձանց դէմ, որոնք, համայնքի կարծիքով, պատասխանատու են ռուս ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնիի կալանաւորման համար: Այս մասին յայտարարած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեֆ Պորելը` Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ 27 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, գրած է է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
 «Ի պատասխան Նաւալնիի հետ կապուած իրադարձութիւններուն, մենք քաղաքական համաձայնութիւն ձեռք բերած ենք պատժամիջոցներ կիրառել անոր ձերբակալման եւ դատապարտման համար պատասխանատու անձանց դէմ: Յոյսով եմ, որ այդ տեղի կ'ունենայ շուտով, յոյս ունիմ, որ գործընթացը կը տեւէ առաւելագոյնը մէկ շաբաթ»,-յայտարարած է Պորել:
 Ան նշած է, որ ԵՄ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները որոշած են Ռուսաստանը դիտարկել որպէս հարեւան, որ կը գործէ որպէս հակառակորդ:
«Մենք պէտք է մոտել սահմանենք, որպէսզի խուսափինք հարեւաններու հետ մշտական առճակատումէ, որոնք նախընտրած են հակառակ կերպ վարուիլ»,- ըսած է ան՝ խօսելով Ռուսաստանի նկատմամբ նոր մօտեցման մասին:
 ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավարն ընդգծած է, որ համայնքը չի կրնար պատժամիջոցներ կիրառել ռուս գործարարներու դէմ, քանի որ ատոր համար իրաւական հիմք չկայ: