image

Ընթացք առաւ ընդդիմութեան անհնազանդութեան երթը (Լուսանկարներ) (Տեսանիւթեր)

Ընթացք առաւ ընդդիմութեան անհնազանդութեան երթը (Լուսանկարներ) (Տեսանիւթեր)

Այս պահուն Արաբկիր վարչական շրջանի Վահագն Դաւթեան այգիէն (Պրահայի այգի, Արաբկիրի թաղապետարանի դիմաց) ընթացք առաւ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտի հերթական անհնազանդութեան երթը:

Նշենք որ շաբաթ օր տեղի ունեցած հանրահաւաքի աւարտին Հայաստանի մէջ կազմուած «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած էր, որ ընդդիմութեան երթերը եւ հաւաքները պիտի չդադրին այնքան ատեն որ Փաշինեան կը մնայ իշխանութեան վրայ:

Նշենք նաեւ, որ քիչ առաջ ընթացք առած երթի մասնակիցները քալելով պիտի ուղղուին Հրաչեայ Քոչար փողոցով, Բաղրամեան պողոտայով  եւ հասնին Ֆրանսայի հրապարակ ուր պիտի շարունակուին անհնազանդութեան գործողութիւնները: