image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ հաղորդավար՝ Գէորգ Տէրտէրեան արկածի ենթարկուած եւ ստոյգ մահէ փրկուած (Լուսանկարներ)

Լիբանանահայ հաղորդավար՝ Գէորգ Տէրտէրեան  արկածի  ենթարկուած եւ ստոյգ մահէ փրկուած (Լուսանկարներ)

 Լիբանանահայ հաղորդավար՝ Գէորգ Տէրտէրեան օրերս ստոյգ մահէ փրկուած է։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութէն։ Մեր ունեցած տուեալներով արկածը եղած է, երբ Գէորգ իր ինքնաշարժով կը վերադառնար Պէյրութի արեւմտեան շրջանէն դէպի իր բնակարանը եւ անձրեւի հետեւանքով չէ կարողացած զսպել մեքենան։

 

Կը նշուի նաեւ, որ արկածին հետեւանքով Գէորգ փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման փուլ մը։

 

 Արկածը պատահած է Պէյրութի «Այն Ալ Մըրայսէ» շրջանին մէջ եւ Գէորգ վնասուածքներ ստացած է կրծքավանդակի հատուածին մէջ։

 Ուրախալի է նաեւ, որ Գէորգի կեանքին վտանգ չըսպառնար եւ անոր յառաջիկայ օրերուն դուրս պիտի գայ հիւանրանոցէն։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ տարբեր  տեղեր գործունէութիւն ծաւալած Տէրտէրեան ներկայիս կը վարէ իր հիմնադրած «Երիտասարդութեան ձայն»ը ռատիօկայանի տնօրէնի պաշտօն։

 Առողջութիւն՝ Գէորգին։