image

Երեւանի մէջ. Անյայտ կորսուած պատանին մահացած գտնուած է

Երեւանի մէջ. Անյայտ կորսուած պատանին մահացած գտնուած է

Փրկարարները Հրազդանի կիրճին մէջ յայտնաբերած են երէկուընէ որոնուող 15-ամեայ Հ․ Ն․-ի դին։ Այս մասին յայտնած են   ՀՀ ԱԻՆ-էն:

31 յունուարին, 11։44-ին որոնողական աշխատանքները վերսկսելու նպատակով դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու  իրականացման կեդրոնի փրկարարական խումբը։

Նշենք, որ 30 յունուարին, ժամը 20։33-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Հրազդանի կիրճին մէջ՝ «Փրինսես Մարիաննա» ռեստորանի մօտակայքը, երեխայ կորսուած է․ որոնողական աշխատանքներ իրականացնելու համար անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը։

Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական խումբը։

Որոնողական աշխատանքները աւարտած են անարդիւնք։