image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է ազատամարտիկ Կարինէ Աղէկեանը

Մահացած է ազատամարտիկ Կարինէ Աղէկեանը

Քաշաթաղի շրջանի «Մերան» պաշտօնաթերթը կը յայտնէ, որ 29 յունուարին վախճանած է ազատամարտիկ Կարինէ Պարսամի Աղէկեանը, որ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղի առաջին վերաբնակիչներէն է։

Կ․ Աղէկեանը երկար տարիներ աշխատած է Աղաւնոյի Գ․ Նժդեհի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ որպէս զինղեկ, բացի Արցախեան գոյամարտէն, մասնակից եղած է Ապրիլեան պատերազմական գործողութիւններուն, Արցախեան վերջին պատերազմին եւ վերջերս  իջած էր մարտական դիրքերէն։ Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմը, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան Քաշաթաղի շրջանային միաւորումը, ՀՀ ԵԿՄ Քաշաթաղի շրջանային բաժանմունքը, «ՄԵՐԱՆ» թերթի խմբագրակազմը, Աղաւնոյի համայնքապետարանն ու բնակչութիւնը եւ այժմ շրջանին մէջ գործող միակ կրթօճախի՝ Գ․ Նժդեհի անուան միջնակարգի անձնակազմը վշտացած են Կ․ ԱՂԷԿԵԱՆԻ անժամանակ մահուան կապակցութեամբ, կը ցաւակցին եւ զօրավիգ են հանգուցեալի հարազատներուն, մտերիմներուն, բարեկամներուն։

Կը տեղեկացնենք՝ Կ․ Աղէկեանի հոգեհանգիստը պիտի կայանայ 30 յունուարին, ժամը 18-ին Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի Յաղթանակ/Չորրորդ գիւղ/ գիւղի «Էլկո» սգոյ սրահին մէջ։

Յուղարկաւորութիւնը ԵՌԱԲԼՈՒՐ պանթէոնին մէջ, 31 յունուարին, ժամը 13-ին։

Կարինէ Պարսամի Աղէկեան (ծնած է 1958 թուականի 10 փետրուարին, Երեւան), ազատամարտիկ։ Առաջին կապային թեթեւ աթլեթ։ Աւարտած է Ֆիզիքական մշակոյթի հայկական պետական հիմնարկը (1979)։ 1989-1994 թուականներուն տարբեր կամաւորական ջոկատներու կազմերուն մէջ մասնակցած է ՀՀ Իջեւանի, Գորիսի (Շուռնուխ, Գոփս-Կապա մայրուղի, «Կազի պոստ» եւ այլն ) եւ ԼՂՀ Ղուպաթլուի, Զանգելանի, Ֆիզուլիի (Հորատիզ, Ապտուռահմանլի) շրջաններու ինքնապաշտպանկան եւ ազատագրական մարտերուն։ Բազմիցս վիրաւորուած է, ապաքինուած եւ վերադարձած է մարտադաշտ։ 1993 թուականէն ընտանիքով կը բնակի ազատագրուած Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղին մէջ։