image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Քաղաքացիները յառաջիկայ փետրուարէն պիտի կարողանան Ռուսաստան մուտք գործել

ՀՀ Քաղաքացիները յառաջիկայ փետրուարէն պիտի կարողանան Ռուսաստան մուտք  գործել

Պիտի գործարկուի «Ճամբորդում եմ առանց covid 19-ի» ծրագիրը, որու վերաբերեալ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններն ընդունած են որոշումներ։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այդ մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Փետրուարի 1-ից երկկողմ օդային կանոնաւոր հաղորդակցութիւնը կը վերսկսուի»,-ըսած է վարչապետը։

Քաղաքացիները պէտք է ունենան «Քորոնա» ժահրի քննութեան բացասական արդիւնք՝ թռիչքէն ամենաշատը 72 ժամ առաջուայ։

Սա կարգաւորիչ ծրագիր է, որ պիտի գործէ 1 փետրուարէն 1 մարտը ներառեալ: ՀՀ վարչապետը յոյս յայտնած է, որ յաջող կ'ըլլայ ծրագիրը ու մարտէն լիարժէք կը գործարկուի: