image

Շուշիի մէջ «Գորշ գայլեր»ու դպրո՞ց

Շուշիի մէջ «Գորշ  գայլեր»ու դպրո՞ց

Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում»  կուսակցութեան (Գորշ գայլերու քաղքական թեւ) առաջնորդ Տէւլեթ Պահչելին յայտարարած է Շուշիի մէջ ազգայնական ոգիով կրթութիւն տուող դպրոցի կառուցման մասին։

Թրքական Hurriyet–ի  հաղորդմամբ՝ Տէւլէթ Պահչելին ելոյթ ունենալով կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առջեւ, յայտնած է, որ Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու իր առաջարկին հաւանութիւն տուած են թէ՛ նախագահ Էրտողանը, թէ՛ նախագահ Ալիեւը:

Ան շեշտած է, թէ ազգայնական ոգիով կրթութիւն տուող դպրոցի շինարարական աշխատանքը պիտի սկսի  30 յունուար 2021–ին։ Դպրոցը պիտի կրէ Ատրպէյճանի օրհներգի հեղինակ Ուզէիր Հաճըպէյլիի անունը (Հաճըպէյլին ձարական Ռուսաստանի ժամանակ Շուշիի շրջանի մէջ մտնող Բաղամէջ գիւղէն էր՝ ծնունդով)։